Հրաժարինք կեղծ ինքնախաբէութենէ,Տիգրանաշէնցիները պէ՞տք է տօնեն արդեօք անկախութեան օրը
Անկախ այն քաղաքական վէճէն, թէ այս է իսկական անկախութեան օրը, թէ Առաջին Հանրապետութեան օրը, Հանրապետութիւնը տխուր է։ Ու պնդել, թէ ըսածս եւ շատերուս այս արտահայտութիւնը բացասական, ժխտական կամ հոռետեսական մօտեցում է՝ ինծի համար այդպէս չէ․ այլ հրաժարիլն է կեղծ, ձեւական, արհեստական ինքնախաբէութենէ եւ դաժան իրականութիւնը ըսելու քաջութեան պակասն է։
Ո՛չ, սիրելիներ, իմ նման մարդիկ շատ ծանր բեռ կը կրեն։ Պիտի դասուինք այն տեսակ մարդոց շարքին, որոնք տեւական հոռետես ու դժգոհ են, միշտ տրտնջացող, բացասական ու ժխտական։
Տակաւին յստակ չէ, թէ ինչքան զիջելու ենք մեր փոքր մնացած երկրէն, ու պէտք է ունենանք քաջութիւն ընդունելու, որ ներկայիս մեր պաշտօնական պետական քաղաքականութիւնը հիմնուած է սրանում․ «Ալիե՛ւ, մի քիչ մեզ հող թող էլի, ոչինչ, է՞լ ես ուզում, մի քիչ էլ տամ՝ բավարարվիր էլի։ Ինչքա՞ն է քեզ պետք, միանգամից ասա՝ տանք, բայց մի քիչ էլ ինձ թող՝ շարունակեմ մնալ Հայաստանի իշխանության վրա»։
Ու հիմա հարց․ այդ անկախութեան պարագային որքա՞նը մեզի բաժին ինկնողն է, ու որտե՞ղն է մեզի մնալու։ Էլի այնպէս չըլլա՞յ, որ մի մասը տօնէ, իսկ ետքը հայտնաբերէ, թէ երբեք այդ «Անկախ 4-րդ Հանրապետութեան» մաս չէ կազմած, եւ ի զուր այդ շրջանը ինքզինք ներառած է այդ անկախութեան մէջ։
Տիգրանաշէնցիները պէ՞տք է տօնեն արդեօք, ու որո՞ւն տալ այդ հարցը՝ մեր ներկայ իշխանութեա՞ն։ Արդեօ՞ք ներկայ իշխանութիւնը այդ հարցումին պատասխանն ունի։
Լսած եմ, որ մեր վարչապետը ՄԱԿ-ի ամբիոնէն հարց տուած է Ալիեւին․ «Քեզ համար որո՞նք են Հայաստանի սահմանները»։ Հիմա սա չեմ ուզեր վերածել հեգնանքի, բայց հիմա այդ հարցը որո՞ւն պիտի տրուի․ ու սա կըսեմ ահաւոր ցաւով։